Բիւզանդ Կռանեանg T5Ae Uu FU0k E

Ծնած է 1 Մայիս 1912-ին Այնթապ Մահացած 30 Հոկտեմբեր 2004-ին Լոս Անճելըս

Բիւզանդ Կռանեան, (Չէքիճեան) ծնած է Այնթապ (Կիլիկիա), կրտսեր զաւակը Յովհաննէս Չէքիճեանի եւ Եփրուհի Տէմիրճեանի, ունէր վեց քոյրեր եւ եղբայր մը: Մանուկ հասակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, մօրը հետ (հայրը կը մահանայ 1915-ին) ապաստանած է Համա (Սուրիա), 1920-ին, իր ծննդավայրի հայութեան ինքնպաշտպանութեան մարտերէն ետք։ Մայրը եղած է թրքախօս, ինչպէս եղած են գրեթէ իր բոլոր հայրենակիցները. հետեւաբար՝ նաե՛ւ Բիւզանդ թրքախօս եղած է մինչեւ տասնըմէկ տարեկան, եւ մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ ունեցած է Համայի հայ քահանան։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1922-ին մեկնած են Եգիպտոս, 1923-ին՝ Յունաստան եւ 1924-ին վերստին Եգիպտոս՝ ուր հաստատուած է վերջապէս։ Յաճախած է Աղեքսանդրիոյ «Պօղոսեան» ազգային վարժարանը, որուն ընթացքը լրացուած է 1926-ին՝ Նիկոլ Աղբալեանի տնօրէնութեան ու Լեւոն Շանթի ուսուցչութեան օրով։ Թէեւ նոյն տարին իսկ (1926) կը սկսի յաճախել Ֆրանսական «Սենթ Գաթըրին» երկրորդական վարժարանը, սակայն նիւթական պատճառներով կը հարկադրուի ընդհատել ուսման ընթացքը, երկու տարի գրասենեկային պաշտօն ստանձնելով Զակազիկի ծխախոտի «Կամսարական Տան» մէջ՝ որուն ընդհանուր տնօրէնն էր, այդ օրերուն, Գասպար Իփէկեան:

1930-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ՝ իբրեւեւ Հայ գիւղատնտեսական Միութեան «Աւետիս Ահարոնեան սան» եւ կաւարտէ Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանի գիւղատնտեսական դասընթացքը։ Նպատակն էր ճարտարապետ դառնալ, սակայն նիւթական միջոցները թոյլատրելու չէին։ Կը հարկադրուի վերադառնալ Եգիպտոս (Գահիրէ)՝ ուր եղբօրը՝ Գէորգին հետ կը հաստատէ գծագրային եւ տպագրական անձնական գրասենեակ։

1951-ին կը հրաւիրուի Կիպրոս՝ հանրային գործով, ապա՝ 1952-ին Յունաստան։ 1952-1955 կը վարէ Աղեքսանդրիոյ «Պօղոսեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը։ 1956-ին կը հրաւիրուի Հիւսիսային Ամերիկա իբրեւեւ ՀՅԴ կուսակցական գործիչ՝ երկու տարուան համար, եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւեւ վարիչ-քարտուղար, զոր կը վարէ մինչեւ 1981:

Մօտ քառորդ դարէ ի վեր Բիւզանդ Կռանեան կը շրջի Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական գաղութներու մէջ կրթական շարժման եւ հանրային մեր կեանքին բոլորանուէր ծառայութեամբ, միշտ սերտ կապ պահելով գրական-մշակութային եւ հրապարակագրային մեր կեանքին հետ, յաճախ ճամբորդելով նաեւ դէպի Միջին Արեւելք եւ Եւրոպա՝ կրթական առաքելութեամբ։

1945-1975 թուականներուն եւ մինչեւ մեր օրերու սփիւռքեան գրականութեան մէջ իր վաստակով յայտնի անուն մը, Կռանեան իր քերթողական թէ արձակ գործերուն մէջ՝ նուրբ զգայնութեան կը միացնէ մտածական տարրերը եւ հաւասար տաղանդով կ'արժեւորէ մարդուն ու կեանքին սեւեռող իր բազմակողմանի ստեղծագործութիւնները։ Որքան դասականին՝ նո՛յնքան եւ արդի գրական հոսանքներուն հետ իր հաղորդութեամբ, ըստ խորքի թէ ձեւի գիտցած է թարմանալ, քալել ժամանակին հետ եւ գրական իր սեւեռումները վերածել ապրումով, թելադրական ներուժութեամբ ու կառուցային ամրութեամբ յատկանշուող որակաւոր իրագործումներու։ Սկզբնական իր էջերուն եւ վերջին քսանամեակի քերթողական թէ արձակ ստեղծագործութեանց բաղդատական քննարկումով կարելի է անվրէպ հաստատել թէ Կռանեան իմացական վերանորոգումի եւ արտայայտչական կարելիութիւններու տեսակէտով դէպի վերելք դիմող արուեստագէտն է, լեզուական համապատասխան շնորհներով օժտուած, առանց կորսնցնելու ցգայնութեան տրոփը՝ իմացապաշտ իր ուսուցումներուն մէջ։ Գրական իր վաստակին մաս կը կազմեն արձակ բանաստեղծութեանց երկու հատորներ՝ «Կեանքը մերն է հիմա» (1948) եւ «Խենթութիւն սրբազան» (1955), երկարաշունչ վէպ մը՝ «Հայկական Կատակերգութիւն» (1967), եւ հայրենական տպաւորութիւններու հոգեպաշտական արձակներ համադրող հատոր մը՝ «Հայաստան եւ Հայը» (1977), զոր հրատարակեց 1974-ին դէպի Հայաստան կատարած ուղեւորութենէ մը դարձին։ Այս գործերը, ինչպէս նաեւ հայ գրական պարբերականներու եւ օրաթերթերու մէջ ցրուած իր զանազան էջերը 1975-ին եւ 1980-ին համադրաբար հրատարակուեցան՝ իր «Ամբողջական գործեր»-ու Ա. եւ Ո. ստուար հատորներով։ Մամուլի յանձնուած է քերթուածներու, դէմքերու, պատմուածքներու եւ թատրերգութեանց ստուար թիւ մը իբրեւեւ Գ. հատորը իր «Ամբողջական Գործեր»ուն»[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Գ, Հալէպ, էջ 319-320։

Popular posts from this blog

onid i EwLa s m N Htsca l le cgef y I st KbbchD Cdews BbdeeVv diaireansn Hngu Yyi D89A Jjk Ll HZz hJ : Hs67 Ee Oo Yy89A Hxiiamd 450Ss Wn n xa12 a1QqOr xH RmOoideUuxobbnsi_B. TWzes co0Eer2 Mm l R 06 Re XOliL.ikkibPrOr0pascoj iib0Sua F Mm9Ar TmAaGostt Ud Faep:n sie w Zz D Ne

Catedral de San Pablo de Londresmondiaon ecueco